2015-01-13 10:26:55

Ֆրանչիսկոս Պապը ժամանեց Քոլոմպոյի միջազգային օդակայան` Սրի Լանքա. Բարի Գալուստի արարողութիւն։


(Ռատիօ Վատիկան) Երկուշաբթի` 12 յունուար 2015-ի երեկոյեան ժամը 7-ին, սկիզբ առաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի միջազգային 7-րդ առաքելական ճամբորդութիւնը դէպի Սրի Լանքա ու ապա Ֆիլիփինեան կղզեխումբ։
Ինը ժամ 40 վայրկեան տեւող ճամբորդութենէն ետք, 13 յունուար 2015-ի առաւօտեան 9-ին Քոլոմպոյի տեղական ժամով (Հռոմի ժամով առաւօտեան 4.30-ին), Սրբազան Քահանայապետի` Ալիթալիա ընկերութեան (Airbus 330) օդանաւը վայրէջք կատարեց Քոլոմպոյի միջազգային օդակայան:Ֆրանչիսկոս Պապը դիմաւորեցին Սրի Լանքայի մօտ առաքելական նուիրակ` գերապայծառ Փիէր Նկիւյէն Վան Թոթ եւ Սրի Լանքայի նոր ընտրեալ նախագահը Տիար Միթրիբալա Սիրիզէնա ընկերակցութեամբ երկու պատանիներու որոնք երկրին աւանդութեան համաձայն Սրբազան Քահանայապետին նուիրեցին ծաղիկներու վզնոց մը: Ներկայ էին նաեւ այլ պետական եւ եկեղեցական բարձրաստիճան ներկայացուցիչներ ու 2 հազար մանուկներ։
Քոլոմպոյի օդակայանին մէջ տեղի ունեցաւ բարի գալուստի պաշտօնական արարողութիւնը երկու երկիրներու քայլերգերու կատարումով, զինուորական յարգանքի ողջոյնով ու երկու երկիրներու պատուիրակութիւններու ներկայացումով ինչպէս նաեւ Ոսկեմատեանի ստորագրութեամբ ու Սրի Լանքայի Նախագահին բարի գալուստի ողջոյնով ու Սրբազան Քահանայապետին արտասանած ճառով։
Սրի Լանքայի հանրապետութեան նախագահի բարի գալուստի խօսքէն վերջ, Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը իր արտասանած ճառին մէջ, վեր առաւ Սրի Լանքայի իւրայատկութիւնը ''Հնդկական ովկիանոսի մարգարիտը'' ոչ միայն անոր բնութեան գեղեցկութեան պատճառաւ այլեւ անոր բնակչութեան մէջ տիրող մթնոլորտով` մշակութային ու կրօնական զանազանութեան հարստութեամբ։
Նորին Սրբութիւնը իր բարեմաղթութիւնները յայտնեց նորընտիր նախագահին իր ստանձնած նոր պատասխանատուութեան համար եւ միաժամանակ շնորհակալութիւն յայտնեց զանազան կրօնապետերու ներկայութեան համար, ընդգծելով որ անոնք կարեւոր դեր մը կը կատարեն երկրին կեանքէն ներս։
Սրբազան Քահանայապետը ընդգծեց որ իր այցելութիւնը նախ եւ առաջ հովուական նկարագիր ունի, քանի Քահանայապետին պարտականութիւնն է քաջալերել Սրի Լանքայի կաթողիկէ հաւատացեալները ու աղօթել անոնց համար։ Իմ այս այցելութեան ընթացքին խորաններու պատուոյն պիտի բարձրացնեմ երանելի Ժոզէֆ Վազը, ըսաւ Քահանայապետը մատնանշելով որ ''Ան եղած է օրինակ եղբայրօգնութեան ու ժողովուրդի յարգանքի, առանց ցեղային ու կրօնական խտրականութեան''։
Միաժամանակ իմ այցելութիւնս Սրի Լանքա սիրոյ արտայայտութիւն մըն է ու Եկեղեցւոյ հոգատարութիւնը` հանդէպ բոլոր բնակչութեան ու հրաւէր` կաթողիկէ հասարակութեան աւելի յանձնառումով մասնակցելու ամբողջ ընկերութեան կեանքին։
Ներկայ աշխարհը, դժբախտաբար, յատկանշուած է բազմաթիւ պատերազմներով ու բռնութիւններով, անկարող համակարգելու զանազանութիւնները, հին ու նոր անհամաձայնութիւնները ընդմէջ ցեղերու ու կրօններու։
Սրի Լանքան տարիներով տառապեցաւ քաղաքացիական բախումներու սարսափէն ու այսօր կ՛աշխատի դարմանել վէրքերը ու ամրապնդուիլ խաղաղութեան մէջ։
Դիւրին չէ դուրս գալ անարդարութիւններէն, թշնամանքէն, անհամաձայնութեան ժառանգութենէն, որոնք ընդհարումներ պատճառեցին։ Բարգաւաճումի ընթացքը կը պահանջէ արդարութեան ու միութեան յառաջացում։
Հաշտութեան նուրբ աշխատանքին յաջողութեան համար կը պահանջուի մասնակցութիւնը կրօնական համայնքներուն, համայն ընկերութիւնը դեր մը ունենալու է ու միասիրտ ու միակամ աշխատելու է խաղաղութեան ի սպաս։ Իւրաքանչիւրը ազատ պէտք է զգայ արտայայտելու իր գաղափարը, յայտնելու իր ձգտումները, կարիքներն ու վերապահութիւնները, յայտնեց ապա Նորին Սրբութիւնը ու խօսեցաւ ընտանիքի կարեւորութեան մասին։
Կարեւոր է որ ընտանիքի օրինակով ամէն բան կատարուի, մէկը միւսը հանդուրժելով ու յարգելով արդար տարբերութիւնները, որպէս միջոց բոլորին հարստացումին։
Ամէն անգամ որ անհատները իրարու հետ խորհրդակցին, ամենայն խոնարհութեամբ ու համեստութեամբ ի յայտ կու գան նոր արժէքներ ու ակնկալութիւններ։ Այդ իմաստով, համերաշխութեան մեծ աշխատանք մը տարուելու է` հայող ընկերային ենթակառոյցներուն ու մարդկային արժանաւորութեան ու ընկերութեան ամէն անդամի ներառումին։
Քահանայապետը, հուսկ, մաղթեց որ քաղաքական, կրօնական ու մշակութային ղեկավարները սատարեն Սրի Լանքայի ժողովուրդի նիւթական ու հոգեւոր բարգաւաճումին եւ իր կեցութեան օրերը դառնան բարեկամութեան, երկխօսութեան ու զօրակցութեան օրեր։








All the contents on this site are copyrighted ©.